Լոս Անջելեսում չեղարկվել է թուրք գործարարների հետ հանդիպումը

May 24, 2017

Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի ներկայացուցած առաջարկին ընթացք տալով՝ Լոս Անճելըսի առեւտուրի գրասենեակը, մայիս 22-ին որոշեց ջնջել հինգշաբթի, մայիս 25ին կայանալիք Լոս Անճելըսի եւ Թուրքիոյ գործարարներու հաւաքը։

Նկատի ունենալով անցեալ շաբաթ, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ խաղաղ ցուցարարներու վրայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահներու յարձակումին ստեղծած զայրոյթը՝ Գրիգորեան դիմած էր Լոս Անճելըսի առեւտուրի գրասենեակ, որ վերջինս ջնջէ նշեալ հաւաքը, որուն նպատակն էր Թուրքիոյ առեւտրական կապերը սերտացնել Լոս Անճելըսի հետ։ Թուրքիոյ մեծագոյն ընկերութիւններէն առնուազն 12ը ներկայացուցիչներ պիտի ուղարկէին այս հաւաքին։

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Լոս Անճելըսի առեւտուրի գրասենեակին, որ ընդունեց առաջարկս։ Թուրք թիկնապահներուն կողմէ ամերիկացի խաղաղ ցուցարարներու վրայ այս չհրահրուած յարձակումը դատապարտելի՛ է եւ յստակ խախտում մըն է մեր երկրի օրէնքներուն։ Պէտք է գնահատել մեր քաղաքի գործարար շրջանականերուն տեսլականը եւ գիտակցութիւնը, որ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը գերադաս կը նկատէ», յայտարարած է Փօլ Գրիգորեան։

 

Source: Yerkir Media

Link: Լոս Անջելեսում չեղարկվել է թուրք գործարարների հետ հանդիպումը

Your generosity empowers our advocacy, inspires our work, and sustains our momentum.
DONATE NOW!
close-image