ՀՅԴ պատվիրակությունը մասնակցել է Սոցինտերնի 25-րդ կոնգրեսին

March 6, 2017

arfd.am—  Ընկերվար Միջազգայնականը (Սոցինտերն) գումարեց իր 25-րդ Գոնկրէսը 2-4 Մարտին, Գոլոմպիայի Գարթախենա (Cartagena) քաղաքին մէջ, 86 կուսակցութիւններէ եւ կազմակերպութիւններէ աւելի քան 350 պատուիրակներու եւ հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ, հիւրընկալութեամբ Գոլոմպիական Ազատական կուսակցութեան, որ մաս կը կազմէ երկրին մէջ իշխող համախոհական (կոալիցիոն) կառավարութեան։

Ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Ընկերվար Միջազգայնականի մօտ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեանին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ընկերներ Վաչէ Թովմասեանը (Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան շրջան) եւ Յակոբ Ակոբեանը (Վանգուվըր, Գանատա)։

Ժողովին բացումին մասնակցեցան եւ խօսք առին Գոլոմպիայի նախագահ Խուան Մանուէլ Սանթոս (Juan Manuel Santos), Ընկերվար Միջազգայնականի նախագահ Ճորճ Փափանտրէուն (Յունաստան) եւ գլխաւոր քարտուղար Լուիս Այալան (Չիլէ), հիւրընկալ կուսակցութեան ղեկավար Հորաչիօ Սերփան (Horacio Serpa)։

Ժողովի ընդհանուր բնաբանն էր «Խաղաղ աշխարհի մը մէջ՝ հաւասարութեամբ եւ համերաշխութեամբ» (For a world in peace, with equality and solidarity)։ Ժողովի գլխաւոր օրակարգն էր «Կառուցել աւելի խաղաղ աշխարհ մը. կարգաւորելով հակամարտութիւնները եւ կանխարգիլելով նորերը» (Building a more peaceful world: resolving conflicts and preventing new ones)։ Այս գլխուն տակ խօսք առաւ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան. ան անդրադարձաւ Արցախի հիմնախնդրին, շեշտելով Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտումներն ու բուռն սպառազինումը կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ մէջ տիրող իրավիճակին եւ քրտամէտ HDP՝ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան դէմ իշխանութեան սանձազերծած հալածանքին։

Գլխաւորաբար Մ. Նալպանտեանի ելոյթին որպէս արդիւնք եւ հաշուի առնելով Հ.Յ.Դ.-ի կողմէ նախօրոք ներկայացուած բանաձեւը, Գոնկրէսը առաւ կարգ մը որոշումներ։ Գոնկրէսի գլխաւոր եւ ընդհանուր բանաձեւին մէջ, վերնագրուած «Խաղաղութեան, հաւասարութեան եւ համերշխութեան աշխարհի մը համար» (For a World of Peace, Equality, Solidarity), տեղ գտան հետեւեալ երեք պարբերութիւնները.

«Մենք կը զօրակցինք հայ ժողովուրդին՝ Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւն սկսելու որոնման մէջ եւ պիտի շարունակենք, ինչպէս համաձայնեցուած էր, կազմակերպելու կլոր սեղան մը՝ “Ինչպէս կրնայ Հայոց ցեղասպանութեան թրքական ճանաչումը նպաստել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ իսկական հաշտութեան”»։ (Eng.)

«Կովկաս» ենթագլուխին տակ՝ «Ընկերվար Միջազգայնականը կոչ կ՚ընէ յաւելեալ երկխօսութեան՝ վերջ դնելու ռազմական գործողութիւններուն, պակսեցնելու լարուածութիւնն ու սպառազինութիւնը եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ վստահութիւն հաստատելու։ Կոչ կ՚ընենք միջազգային համայնքին աջակցելու տարածարշջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ճիգերուն»։ (Eng.)

«Թուրքիա» ենթագլուխին տակ՝ «Ընկերվար Միջազգայնականը մեր մտահոգութիւնը կը յատնէ Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց բռնաբարումին եւ ժողովրդավարութեան վատթարացման համար։ Մենք յատկապէս մտահոգ ենք հազարաւոր գործիչներու ձերբակալութեան, ընտրուած քաղաքապետական ղեկավարներու կալանաւորման եւ [քրտամէտ HDP կուսակցութեան համանախագահներ] Սէլահատտին Տեմիրթաշի եւ Ֆիկըն Եուքսեքտաղի կալանաւորման համար։ Կոչ կ՚ուղղենք զիրենք ազատ արձակելու եւ խաղաղութեան նոր երկխօսութիւններ նախաձեռնելու՝ յաղթահարելու համար Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական եւ մարդու իրաւունքներուն զարգացումին։» (Eng.)

Նաեւ՝ առանձին բանաձեւ մը՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Ընկերվար Միջազգայնականի նախաձեռնութիւն» վերնագրով։ Բանաձեւը կ՚ըսէ. «Ընկերվար Միջազգայնականի [նախորդ] Գոնկրէսէն ետք, աշխարհը նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ վկան հանդիսացաւ շարք մը նոր պետութիւններու, պետութեան ղեկավարներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ մարդկութեան դէմ այս ոճիրի ճանաչումին։

«Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի 2014 Դեկտեմբերի ժողովը Ժընեւի մէջ, ընդունելով մարդկային իրաւանց եւ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման այս հարցին արձանագրած համաշխարհային զարգացումը, պատշաճօրէն Հայկական Ցեղասպանութիւնը 2015-ին գումարուելիք իր Խորհուրդի առաջին նիստի օրակարգին վրայ դրաւ, այս դաժանութեան սկիզբէն հարիւր տարի ետք։
«Խորհուրդի 2015 Յուլիսի ժողովը, Նիւ Եորքի մէջ, հաստատեց Ընկերվար Միջազգայնականի Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն փոխնախագահներուն նախապէս ձեռք բերած համաձայնութիւնը, ըստ որուն Ընկերվար Միջազգայնականը պիտի կազմակերպէ յատուկ լսում կամ կլոր սեղանի քննարկում՝ “Արդեօ՞ք Հայոց ցեղասպանութեան թրքական ճանաչումը թոյլ պիտի տայ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ իսկական հաշտութեան”։ Այս ժողովին պիտի մասնակցէին Ընկերվար Միջազգայնականի անդամ կուսակցութիւններ Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն, ինչպէս նաեւ այլ հետաքրքրուած կուսակցութիւններ, յատուկ հրաւիրուած մասնագէտներ, Հասարակական կազմակերպութիւններ եւ ուրիշներ։

«Հետեւողական ըլլալով այս հարցին շուրջ իր երկու վերջին որոշումներուն եւ Ընկերվար Միջազգայնականի երկարամեայ աջակցութեան՝ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին արդարացի լուծման գծով, Ընկերվար Միջազգայնականի 25-րդ Գոնկրէսը կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը աշխատելու մեր անդամ հայ եւ թուրք կուսակցութիւններուն հետ, կազմակերպելու լսում կամ կլոր սեղանի քննարկում՝ հայերու եւ թուրքերու միջեւ հաշտութեան համար՝ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի օգտակարութեան մասին»։ (Eng.)

Ընկերվար Միջազգայնականի նախագահութիւնն ու գլխաւոր քարտուղարը ընտրելու օրակարգի կէտին տակ, Մարիօ Նալպանտեան վերընտրուեցաւ կազմակերպութեան փոխնախագահ։ Փոխնախագահ վերընտրուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան (CHP) կուսակցութեան թեկնածու Ումութ Օրան (Umut Oran), իսկ Արդար Ռուսաստան կուսակցութեան թեկնածու Ալեքսանտր Ռոմանովիչ ընտրուեցաւ առաջին անգամ ըլլալով։ Կազմակերպութեան նախագահն ու գլխաւոր քարտուղարը վերընտրուեցան։

Օրակարգի կազմակերպական գլուխին տակ, Մարիօ Նալպանտեան առարկեց Ազրպէյճանի Ընկերվար Ժողովրդավար կուսակցութեան լիիրաւ անդամի կարգավիճակ շնորհելու առաջարկին դէմ, հիմնաւորելով, որ օրին Հ.Յ.Դ.-ն բողոքած է այդ կուսակցութեան անդամակցութեան կարգավիճակի բարձրացման դէմ, հաշուի առնելով այն պահուածքը, որ անոր ներկայացուցիչը ցուցաբերած էր Ընկերվար Միջազգայնականի նախորդ՝ Ժընեւի նիստին, ամբաստանելով հայութիւնը ցեղասպանութիւն գործելու մէջ։ Կարծիքներու փոխանակումէն ետք, Ազրպէյճանի կուսակցութեան ներկայացուցիչները ստիպուեցան Ընկերվար Միաջազգայնականէն եւ Մարիօ Նալպանտեանէն հրապարակաւ ներողութիւն խնդրելու, որմէ ետք ստացան լիիրաւ անդամի կարգավիճակ։

Գոնկրէսին նախորդող օրերուն, տեղի ունեած էր Ընկերվար Միջազգայնականի նախագահութեան նիստը, որուն մասնակցած էր Մարիօ Նալպանտեան, որպէս կազմակերպութեան փոխնախագահներէն մէկը։ Ան մասնակցած էր նաեւ կազմակերպութեան Ֆինանսական եւ կազմակերպական յանձնախումբի (SIFAC) նիստին, որուն անդամ է Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը։

Մարտ 1-ին, գումարուած էր կազմակերպութեան Խորհուրդի նիստը, որ քննարկած էր Գոնկրէսին ներկայացուելիք կազմակերպական հարցեր։ Խորհուրդի նիստին մասնակցած էր Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւնը։

Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ բազմաթիւ պատուիրակներու հետ, ներառեալ՝ Սուրիոյ քրտական PYD (Ժողովրդավարական միութիւն) կուսակցութեան եւ Իրաքի քրտական PUK (Քիւրտիստանի հայրենասիրական միութիւն) կուսակցութեան ներկայացուցչիներուն հետ։ Ժողովին չէին կրցած մասնակցիլ Թուրքիոյ քրտամէտ HDP (Ժողովուրդներու ժողովրդավար) կուսակցութեան ներկայացուցիչները, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ իրենց դէմ սանձազերծուած հալածանքին պատճառով։

Ընկերվար Միջազգայնականը (Socialist International) ընկերվար-ժողովրդա-վարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է, որ կը համախմբէ բոլոր մայրցամաքներէն աւելի քան 130 երկիրներու շուրջ 150 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ։

Կազմակերպութեան մօտ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեանը վերընտրուեցաւ կազմակերպության փոխնախագահ։ Հ.Յ.Դ. համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կանանց Ընկերվար Միջազգայնականին (SIW) եւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (IUSY)։ Հ.Յ.Դ Երիտասարդականին կողմէ Կարօ Շատոյեանը (Աւստրիա) IUSY-ի փոխնախագահ է։ Ընկերվար Միջազգայնականի ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւծովեան յանձնախումբի համանախագահ է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ եւ ՀՀ Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Արմեն Ռուստամյանը։

Հ.Յ.Դ. ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ

Source: Yerkir Media
Link: ՀՅԴ պատվիրակությունը մասնակցել է Սոցինտերնի 25-րդ կոնգրեսին

Your generosity empowers our advocacy, inspires our work, and sustains our momentum.
DONATE NOW!
close-image